Արեւմտահայերէն լուրեր Ապրիլ | 29 | 2021
29.04.2021

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու վերադարձի ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան գործունէութիւնը լաւատեսօրէն կը գնահատէ: Այսօր կառավարութեան նիստին յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան եւ նշեց, «Կարող ենք արձանագրել, որ այս փաստը կը դառնայ միջազգային օրակարգի հարց, երէկ Եվրամիութիւնը շատ կարեւոր յայտարարութիւն տարածեց, որուն մէջ շատ յստակ ու հասցէական արձանագրուած է, որ Ատրպէյճանը պէտք է վերադարձնէ բոլոր գերեվարուած անձերը՝ անկախ հանգամանքէն», — ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը։
Այսօր Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը մեկնի Կազան՝ մասնակցելու Եվրասիական միջ-կառավարական խորհուրդի նիստին։ Կը նախատեսուի հաստատել Եվրասիական տնտեսական միութեան շրջանակներուն մէջ արդիւնաբերական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները։
Համաձայն կառավարութեան նոր որոշումին՝ Հայաստանի քաղաքացիները կարելիութիւն պիտի ունենան դուրս գալ երկրէն կամ այլ երկրէն ժամանել Հայաստան առանց Քովիտի դէմ ՊՇՌ քննութիւն յանձնելու, եթէ պատուաստուած են թագաժահրի դէմ: «Այսինքն՝ պատուաստումները կարեւոր քայլ են՝ ձերբազատուելու սահմանափակումներէն եւ վերադառնալու բնականոն կեանքի»,- յայտնեց նախարարը: