Արեւմտահայերէն լուրեր Ապրիլ | 15 | 2021
15.04.2021
Հայաստանի կառավարութիւնը այսօրուայ նիստին որոշեց՝ 7 մլրդ․ 548 մլն․ դրամ յատկացնել Արցախի քաղաքացիներուն աջակցելու համար. «Տրամադրուած եւ Կառավարութեան որոշումներով հաստատուած յատկացումներուն ծաւալը կը կազմէ 55 մլրդ․ դրամ»,- ներկայացուց նախարար՝ Մոսրոպ Առաքէլեան, նախարարին խօսքով այս ծրագիրով նախորդ ամիս 101 հազարէն աւելի արցախցի աջակցութիւն ստացած է։
Կոտայքի մարզի Հրազդան համայնքին մէջ բացումը կատարուեցաւ կառուցուող առաջին սանիտարական աղբավայրի շինարարական աշխատանքներուն։ Համաձայնագիրը՝ ստորագրուած է ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանի, Հայաստանի մէջ Եվրամիութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինի եւ Վերակառուցման եւ զարգացման եվրոպական պանքի տարածաշրջանային գրասենեակի ղեկավարին միջեւ։ Ծրագիրի ընդհանուր պիւտճէն 11,0 մլն․ իւրօ է, որմէ 5,5 մլն․ իւրօն վարկային միջոց է, 5,5 մլն․ իւրօն՝ դրամաշնորհ: Շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտել 2022 թուականին։
Ապրիլի 15-ին աշխարհի 14 քաղաքներուն մէջ մեր հայրենակիցները լուռ ցոյցեր կ՛իրականանցնեն պահանջելով ազատ արձակել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները: Կը յայտնէ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը: Ապրիլ 15-ին օգտագործէք #FreeArmenianPOWs #FreeArmenianHostages հաշթէկները ընկերային ցանցերուն մէջ։